Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՕդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային վարչութիւն, (կրճատուած՝ ՆԱՍԱ), որ կը պատկանի ԱՄՆ-ի պետութեան եւ կ'ենթարկուի անմիջականօրէն ԱՄՆ-ի փոխնախագահին եւ նիւթապէս կը հովանաւորուի ԱՄՆ-ի պետական պիւտճէէն։ Անոր գիտական ծրագիրները կը կեդրոնանան Երկիրին դիտարկման վրայ՝ Երկիրին Դիտարկման Համակարգին (Earth Observing System) միջոցով, արեւային ուսումնասիրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արեգակնային Համակարգի հետախուզութեան վրայ՝ «Նիւ Հորիզընզ» (New Horizons) եւ «Փերսեւերենս» (Perseverance) տիեզերագնացի նման ինքնագործ սարքերու առաքելութիւններով։ Գործակալութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Միջազգային Տիեզերակայանին (ISS)՝ համագործակցելով գործընկերներու եւ առեւտրային ծրագիրներու հետ, ինչպիսիք են Առեւտրային Անձնակազմի Ծրագիրը (Commercial Crew Program) եւ Առեւտրային Վերամատակարարման Ծառայութիւնները (Commercial Resupply Services)։ Միաժամանակ, ՆԱՍԱ կը ղեկավարէ «Օրիոն» Տիեզերանաւուն (Orion spacecraft) եւ «Տիեզերական Արձակման Համակարգ» հրթիռին (Space Launch System) զարգացումը՝ «Արտեմիս» (Artemis) ծրագիրին համար․․․Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր
|
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 14 019-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 14 019 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝


